Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին նախաձեռնութեամբ, հոկտեմբեր 2021-ին պիտի սկսի Հայաստանի ոչ արհեստավարժ ֆութպոլի ախոյեանութիւնը:
Ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ անիկա տեղի պիտի ունենայ հոկտեմբեր 2021-էն հոկտեմբեր 2022 ժամանակահատուածին:
Այս ոչ արհեստավարժ ֆութպոլի ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կրնան բերել առաւելագոյնը 10 խումբեր:
Մասնակցող խումբերուն քանակը կրնայ փոխուիլ մրցաշարքէն առաջ, սակայն Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հաւանութեամբ:
Բոլոր այն խումբերը, որոնք կ՛ուզեն մասնակցիլ այս ախոյեանութեան, պէտք է ֆետերասիոնին վճարեն մասնակցութեան սակ` հինգ հարիւր հազար դրամ:
Արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է 20 սեպտեմբեր 2021-ը:
Բոլոր մրցումներն ալ տեղի պիտի ունենան Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ:



