Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող խրուաթ միջազգային միջնապահ Լուքա Մոտրիչ այս շաբաթավերջին եւս պիտի չկարենայ դաշտ ներկայանալ իր կազմին հետ, այս մասին յայտնեց սպանական մարզական մամուլը:
28 օգոստոսին Ռէալ Մատրիտի մրցակիցը պիտի ըլլայ Ռէալ Պեթիս:
35 տարեկան ֆութպոլիստը, որ բացակայեցաւ Լեվանթէի դէմ տեղի ունեցած մրցումէն ալ, այժմ կը մարզուի անհատական ծրագիրով:
Ռէալէն պիտի բացակային նաեւ Թոնի Քրուս, Ֆերլան Մենտի եւ Տենի Սեպալիոս, մինչ Մարսելլօ եւ Մարիանօ կը վերադառնան ընդհանուր խումբ:



