Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ որոշեց հեռանալ իր ակումբէն` Եուվենթուսէն, այս մասին յայտնեց իտալական «Կազեթթա Տելլօ Սփոր»-ը:
Նշուեցաւ, որ 36 տարեկան ֆութպոլիստը իտալական ակումբէն խնդրած է, որ երբ մարզիկներու փոխանցումները սկսին, իր անունը դնեն մեկնող մարզիկներու ցանկին վրայ:
Ֆութպոլիստին փոխանցման գործողութիւններով զբաղող Ժորժէ Մենտես արդէն իսկ հասաւ Իտալիա` ակումբին ղեկավարութեան հետ բանակցութիւններու սկսելու համար:
Մանչեսթըր քաղաքի երկու կազմերը` Եունայթըտ եւ Սիթի, ներկայիս Ռոնալտոյով հետաքրքրուած երկու գլխաւոր ակումբներն են:
Վերջինս պատրաստ է Քրիսթիանօ Ռոնալտոյին առաջարկել երկու տարուան պայմանագրութիւն մը` 30 միլիոն եւրոյի փոխարէն:
Երէկ գիշեր յայտարարուեցաւ, որ ան արդէն իսկ համաձայն գտնուեցաւ վերադառնալ իր նախկին ակումբը` Մանչեսթըր Եունայթըտ, որուն հետ ելոյթ ունեցած է 12 տարի առաջ` 2003-էն 2009:
Նշուեցաւ, որ անոր այս փոխանցման մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի յայտարարուին այս շաբաթավերջին: