Երէկ` հինգշաբթի, 26 օգոստոսին տեղի ունեցաւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի խմբակներու դրութեամբ կատարուելիք մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:
Մրցումները, որոնք պիտի սկսին 14 սեպտեմբերին, իրենց աւարտին կը հասնին 8 դեկտեմբերին, որմէ ետք կը սկսին փլէյ օֆի մրցումները:
Իսկ աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ 28 մայիս 2022-ին, Ս. Փեթերսպուրկի մէջ (Ռուսիա):
Թէեւ բոլոր խմբակներուն մէջ կան զօրաւոր խումբեր, սակայն ամէնէն զօրաւոր խմբակը պիտի ըլլայ Բ. խմբակը, որուն մաս կը կազմեն Աթլեթիքօ Մատրիտ, Լիվըրփուլ, Ա. Սէ. Միլան եւ Փորթօ:
Պայէրն Միւնիխ եւ Պարսելոնա մաս կազմեցին Ե. խմբակին, Ինթեր Միլան եւ Ռէալ Մատրիտ` Դ. խմբակին, Մանչեսթըր Սիթի եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն` Ա. խմբակին, Չելսի եւ Եուվենթուս` Ը. խմբակին:



