Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմեն ֆութպոլի ակումբը յայտնեց, որ սկսաւ իր բանակցութիւններուն` փորձելով իր կազմին միացնել գերմանական Պորուսիա Տորթմունտի եւ Նորվեկիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի 21 տարեկան յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտը:
Ֆրանսական մայրաքաղաքի կազմը, այժմէն իսկ կը պատրաստուի խումբին յարձակողականը զօրացնելու` նկատի ունենալով, որ շատ հաւանական է, որ խումբէն հեռանայ ֆրանսացի միջազգային յառաջապահ Քիլիան Էմպափէ:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, Հաալանտի փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 130 միլիոն եւրոյով:
Իսկ Էմպափէի մեկնումով Սեն Ժերմեն պիտի ստանայ 180 միլիոն եւրօ:
Նշենք, որ Հաալանտ, որ յունուար 2020-ին աւստրիական Սալզպուրկէն միացաւ Տորթմունտի, անոր հետ ստորագրած է պայմանագրութիւն մը` մինչեւ 30 յունիս 2024: