Մոնաքոյի իտալացի յառաջապահ Փիեթրօ Փելլեկրի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ իտալական Ա. Սէ. Միլանի հետ, յայտնեց միլանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Թէեւ 20 տարեկան ֆութպոլիստը փոխ տրուեցաւ Ա. Սէ. Միլանի, սակայն պայմանագիրի աւարտին իտալական կազմը անոր ստորագրութիւնը ձեռք ձգելու իրաւունքը պիտի ունենայ փոխան 6 միլիոն եւրոյի:
Փելլեկրի յունուար 2018-ին իտալական Ճենովայէն տեղափոխուեցաւ Մոնաքօ, որուն հետ կատարեց 23 մրցում եւ նշանակեց 2 կոլ:
Նշուեցաւ, որ Փիեթրօ Փելլեկրի Ա. Սէ. Միլանի կազմին հետ պիտի կրէ թիւ 64 մարզաշապիկը:



