Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող խումբերէն Փիւնիկ Երեւանի բերդապահ Սթանիսլաւ Պուչնեւ շուտով պիտի սկսի իր ելոյթներուն` Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հետ:
Նշուեցաւ, որ 31 տարեկան բերդապահը արդէն իսկ երէկ միացաւ հաւաքականին եւ կատարեց իր առաջին փորձը:
Հակառակ անոր որ ֆութպոլիստին անունը հաւաքական հրաւիրուածներուն ցանկին մէջ չէր, սակայն փաստաթուղթերու արագ դասաւորման շնորհիւ ան հրաւիրուեցաւ հաւաքական:
Հայկական մարզական լրատու աղբիւրներ երէկ յայտնեցին, որ ան այս շաբաթավերջին պիտի դառնայ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի, ինչ որ անոր առիթ պիտի տայ Հայաստանի հետ մասնակցելու 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն:
Իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Պուչնեւ յայտարարեց, որ ինք հայկական արմատներ ունի: