Գեղարքունիքի մարզի Մարտունի քաղաքի մարզադպրոցի սան, կրտսեր տարիքի կռփամարտիկ Վիքթորիա Զաքարեան պրոնզէ մետալով վերադարձաւ Եւրոպայի կռփամարտի ախոյեանութենէն:
Գեղարքունիքի մարզի կռփամարտի ֆետերասիոնի նախագահ, Մարտունիի մարզադպրոցի փոխտնօրէն Գէորգ Սարգսեան յայտնեց, որ Եւրոպայի այս ախոյեանութեան, որ տեղի ունեցաւ Պոսնիոյ մայրաքաղաք Սարայեւոյի մէջ, Հայաստանի աղջկանց հաւաքականին հետ մրցում կատարեց նաեւ Վիքթորիա Զաքարեան (38 քկ) եւ գրաւեց երրորդ պատուաբեր դիրքը:
Մարզադպրոցին մէջ Զաքարեան արժանացաւ մեծ եւ ջերմ ընդունելութեան:



