Ռուսահայ միջնապահ Էրիկ Սեւիկեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Վալենսիայի հետ, այս մասին յայտնեց սպանական ֆութպոլի ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
18 տարեկան ֆութպոլիստը, որ նախապէս մաս կը կազմէր սպանական այլ կազմի մը` Վիլիամարչանթէի, հանդէս պիտի գայ Վալենսիայի 19 տարեկանէն վար կազմին հետ:
Էրիկ սպանական Լեւանթէի միջնապահ Էտկար Սեւիկեանի կրտսեր եղբայրն է:
Վերջերս Էտկար Սեւիկեան հրաւիրուեցաւ Ռուսիոյ երիտասարդական հաւաքական, որ կը պատրաստուի Սպանիոյ (3 սեպտեմբեր) եւ Մալթայի (7 սեպտեմբեր) դէմ տեղի ունենալիք Եւրոպայի 21 տարեկանէն վար ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն:



