Մարզական

Էտկար Բաբայեան Հեռացաւ Ռիկայէն

Էտկար Բաբայեան Հեռացաւ Ռիկայէն

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Էտկար Բաբայեան հեռացաւ իր ակումբէն` Ռիկայէն, այս մասին յայտնեց լաթվիական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նշուեցաւ, որ կողմերը փոխադարձ համաձայնութեամբ խզեցին իրարու հետ իրենց կնքած պայմանագիրը: 25 տարեկան ֆութպոլիստը իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Կիպրոսի մէջ` մաս կազմելով բարձրագոյն դասակարգի կազմերէն Փաֆոսի: Կիպրական կազմին հետ ան իր համաձայնագիրը կնքած էր նախորդ փետրուարին: Բաբայեան նախորդ փետրուարին իր պայմանագրութիւնը...

Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան  Երկիրներու Առաջին Խաղեր.  Հայաստան Տիրացաւ Իր 5-րդ Մետալին

Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան Երկիրներու Առաջին Խաղեր. Հայաստան Տիրացաւ Իր 5-րդ Մետալին

Հայկական մարզական լրատու գործակալութիւններ երէկ յայտնեցին, որ Քազանի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունեցող Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան (ԱՊՀ) երկիրներու առաջին խաղերուն, Հայաստան տիրացաւ իր 5-րդ մետալին: Հայաստանի համար արծաթ մետալներ ապահովեցին Գէորգ Մանուկեան, Հայկ Թադէոսեան, Յարութիւն Խաչատրեան եւ Դաւիթ Սիմոնեան (կռփամարտ), մինչ Արշակ Բաբլումեան տիրացաւ պրոնզ մետալի: Նշենք, որ ԱՊՀ-ի երկիրներու առաջին խաղերուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 14-23 տարեկան շուրջ 1600 մարզիկներ:...

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն».  Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով  Քառորդ Աւարտականի Մրցումները  Պիտի Կատարուին Առանց Ամերիկացիներուն

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն». Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Քառորդ Աւարտականի Մրցումները Պիտի Կատարուին Առանց Ամերիկացիներուն

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ «ԵՈՒ. ԷՍ. ՕՓԸՆ»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով է, որ քառորդ աւարտականի մրցումները պիտի կատարուին առանց ամերիկացիներուն: Միացեալ Նահանգներու վերջին ներկայացուցիչները` Շելպի Ռոպըրթց, Ռայլի Օփելքա, Ֆրենսիս Թիաֆօ եւ Ճոնսըն Պրուքսպի մրցաշարքին հրաժեշտ տուին` պարտութիւն կրելով Դ. հանգրուանի մրցումներուն: Նշենք, որ «ԵՈՒ. ԷՍ. ՕՓԸՆ»-ի այս մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ 1891-էն ի...

2022-ի Մոնտիալ.  Փորթուգալ 3-0 Արդիւնքով Յաղթանակ Մը  Արձանագրեց Ազրպէյճանի Դէմ

2022-ի Մոնտիալ. Փորթուգալ 3-0 Արդիւնքով Յաղթանակ Մը Արձանագրեց Ազրպէյճանի Դէմ

2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Փորթուգալ, որ հիւրը եղաւ Ազրպէյճանի, անոր դաշտին վրայ արձանագրեց 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Պերնարտօ Սիլվա (26-րդ), Անտրէ Սիլվա (31-րդ) եւ Տիոկօ Ժոթա (75-րդ) նշանակեցին փորթուգալցիներուն երեք անպատասխան կոլերը: Այսպիսով, Փորթուգալ արձանագրեց իր 4-րդ յաղթանակը հաւասարութեան մը կողքին, մինչ միայն մէկ հաւասարութիւն արձանագրած Ազրպէյճան կրեց իր 4-րդ պարտութիւնը եւ ամուր կառչած մնաց 5-րդ...

Պէյճինկ Կը Պատրաստուի 2022-ի  Ձմեռնային Ողիմպիականի Խաղերուն

Պէյճինկ Կը Պատրաստուի 2022-ի Ձմեռնային Ողիմպիականի Խաղերուն

Փետրուար 2022-ին տեղի պիտի ունենան 2022-ի ձմեռնային ողիմպիական խաղերը: Անոնց մեկնարկը պիտի տրուի 4 փետրուարին, իսկ փակումը տեղի պիտի ունենայ 20 փետրուարին: Այս խաղերը տեղի պիտի ունենան երեք հիմնական քաղաքներու մէջ, սակայն անոնց գլխաւորը պիտի ըլլայ Պէյճինկ, որ այժմէն իսկ սկսած է լուրջ պատրաստութեան: Նշենք, որ Չինաստանի մայրաքաղաքը միակն է աշխարհի մէջ, որ կը հիւրընկալէ թէ՛ ամառնային եւ թէ՛ ալ...

Այս Տարեշրջանի Աւարտէն Ետք.  Ռէալ Մատրիտ Պիտի Հրաժարի  Իր Երեք Ֆութպոլիստներէն

Այս Տարեշրջանի Աւարտէն Ետք. Ռէալ Մատրիտ Պիտի Հրաժարի Իր Երեք Ֆութպոլիստներէն

Սպանական «Մարքա» անուանի մարզաթերթը յայտնեց, որ 2021-2022 տարեշրջանի աւարտէն ետք, Ռէալ Մատրիտ մտադիր է ձերբազատիլ իր երեք ֆութպոլիստներէն` նկատի ունենալով, որ անոնք մայրաքաղաքի կազմէն պիտի հեռանան նիւթական պատճառներով: Այդ երեք ֆութպոլիստները պիտի ըլլան յառաջապահ Կերըթ Պէյլ, յետսապահ Մարսելլօ եւ փլէյմէյքըր Իսքօ: Միւս կողմէ, Ռէալ Մատրիտ կը մտածէ 36 տարեկան միջնապահ` Լուքա Մոտրիչի պայմանագրութիւնը երկարաձգել: Շատ հաւանական է, որ նոր պայմանագրութիւնը...

Սերճի Ռոպերթօ Մօտ Է  Նոր Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրելու

Սերճի Ռոպերթօ Մօտ Է Նոր Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրելու

Քաթալոնական Պարսելոնային մաս կազմող յետսապահ Սերճի Ռոպերթօ բաւական մօտ է իր ակումբին հետ նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրելու, այս մասին յայտնեց «Մունտօ Տեփորթիւօ»: Աղբիւրին համաձայն, 29 տարեկան ֆութպոլիստը համաձայն գտնուած է աշխատավարձի կրճատման, տնտեսական այս դժուար ճգնաժամէն դուրս գալու համար: Անոր գործող պայմանագրութիւնը իր աւարտին կը հասնի 2022-ի ամրան: Նշենք, որ վերջին շրջանին, սպանական մամուլը յայտնեց նաեւ, որ Պարսելոնա պիտի երկարաձգէ...

Թոթենհամի Ֆութպոլիստը Վիրաւորուեցաւ`  Ազգային Խումբին Հետ  Իր Կատարած Մրցումին Ընթացքին

Թոթենհամի Ֆութպոլիստը Վիրաւորուեցաւ` Ազգային Խումբին Հետ Իր Կատարած Մրցումին Ընթացքին

Հարաւային Քորէայի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Հէունկ-Մին Սոն երէկ վնասուածք ստացաւ իր կազմին հետ կատարած մրցումին ընթացքին, այս մասին յայտնեց Հարաւային Քորէայի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նշուեցաւ, որ ֆութպոլիստը աջ ոտքի մկանի վնասուածք ստացած է: Թոթենհամին մաս կազմող Հէունկ-Մին Սոնի ապաքինման մասին ցարդ ոչինչ կը յայտարարուի:  

2022-ի Մոնտիալ.  Այսօր` Հարաւային Քորէա – Լիբանան

2022-ի Մոնտիալ. Այսօր` Հարաւային Քորէա – Լիբանան

Ասիոյ գօտիին մէջ տեղի ունեցող 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի ծիրին մէջ, Ա. խմբակին մաս կազմող Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը այսօր կը մրցի Հարաւային Քորէայի դէմ: Զտումի Գ. հանգրուանի ծիրին մէջ կատարուելիք այս մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 14:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Լիբանան, որ այս հանգրուանին գծով, իր կատարած առաջին մրցումին 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն դէմ, իր ամէն...

2022-ի Մոնտիալ.  Հայաստան-Լիխթնշթայն Մրցումին  Իրաւարարները` Խրուաթիայէն

2022-ի Մոնտիալ. Հայաստան-Լիխթնշթայն Մրցումին Իրաւարարները` Խրուաթիայէն

2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ մաս կը կազմէ Եւրոպայի գօտիին Ժ. խմբակին, վաղը` չորեքշաբթի, 8 սեպտեմբերին, կը կատարէ իր հինգերորդ մրցումը, երբ Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Լիխթնշթայնին: Մրցումին մեկնարկը պիտի տրուի ժամը 19:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ կեդրոնի գլխաւոր իրաւարար նշանակուեցաւ 37 տարեկան Տույէ...

Եւրոպայի Ճատրակի Անհատական  Ախոյեանութեան.   Յովհաննէս Գաբուզեան Ապահովեց  Իր Հինգերորդ Կէտը

Ճատրակ. Եւրոպայի Անհատական Ախոյեանութիւն. Յովհաննէս Գաբուզեան Ապահովեց Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարքի Իր Տոմսը

Նախորդ շաբաթավերջին, Իսլանտայի մայրաքաղաք Ռէյքիաւիքի մէջ իր աւարտին հասաւ Եւրոպայի ճատրակի տղոց անհատական ախոյեանութիւնը, երբ կատարուեցան 11-րդ եւ վերջին հանգրուանի հանդիպումները: Ախոյեանութեան վերջին օրը, Հայաստանի գործող ախոյեան Յովհաննէս Գաբուզեան, Գաբրիէլ Սարգսեան, Հայկ Մարտիրոսեան եւ Սամուէլ Տէր Սահակեան հաւասարութիւններ արձանագրեցին, մինչ Ռոպերթ Յովհաննիսեան պարտութիւն կրեց: Գաբուզեան գրաւեց 19-րդ դիրքը, Սարգսեան` 26-րդ, Մարտիրոսեան` 32-րդ (7-ական կէտ): 6,5 կէտ ապահովելով Յովհաննիսեան գրաւեց 36-րդ...

Ճատրակ.  Մակնուս Քարլսըն Տիտղոսակիր.  Լեւոն Արոնեան` Երրորդ

Ճատրակ. Մակնուս Քարլսըն Տիտղոսակիր. Լեւոն Արոնեան` Երրորդ

Արագ ճատրակի «Էյմչես ԵՈՒ. ԷՍ. Ռափիտ» առցանց մրցաշարքին տիտղոսակիրը դարձաւ աշխարհի ախոյեան նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն, որ աւարտական մրցումին 2,5-1,5 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց ռուս Վլատիսլաւ Արտեմիեւի դէմ: Պրոնզէ մետալակիր դարձաւ հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան` նկատի ունենալով, որ կիսաւարտականին Արտեմիեւէն պարտուած Ալիրեզա Ֆիրուճա (Ֆրանսա) հրաժարեցաւ մասնակցիլ երրորդ դիրքի մրցումին: Աւարտած այս մրցաշարքը «Մելթուոթըր Չեմփիընզ Չես Թուր»-ի վերջին հանգրուանն է: Բոլոր հանգրուաններու...

Հայրենի Մարմնամարզիկները  Մեկնեցան Թիֆլիս

Հայրենի Մարմնամարզիկները Մեկնեցան Թիֆլիս

Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականը մեկնեցաւ Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիս` այդտեղ ուսումնամարզական հաւաք մը կատարելու նպատակով: Հաւաքականին մաս կը կազմեն Արթուր Աւետիսեան, Գագիկ Խաչիկեան, Համլեթ Մանուկեան, Մամիկոն Խաչատրեան, Նորայր Յովհաննիսեան, Մարիեթթա Բուչախչեան եւ Մանէ Պօղոսեան: Անոնց հետ մեկնեցան նաեւ մարզիչներ Յակոբ Սերոբեան, Հայկ Նազարեան, Աշոտ Գասպարեան եւ Քնարիկ Բրսոյեան: Ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը նշեց, որ այս...

«Ֆորմիւլա-1».  Վերսթափեն Առաջին, Հեմիլթըն` Երկրորդ

«Ֆորմիւլա-1». Վերսթափեն Առաջին, Հեմիլթըն` Երկրորդ

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած «Ֆորմիւլա-1»-ի ախոյեանութեան Նետերլանտներու կրան-փրին աւարտեցաւ «Ռետ Պուլ»-ի վարորդ` Մաքս Վերսթափենի յաղթանակով, մինչ անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց «Մերսետես»-ի վարորդ եւ աշխարհի գործող ախոյեան Լուիս Հեմիլթըն: Իսկ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Հեմիլթընի խմբակից Վալթերի Պոթթաս: Ապահովելով տարեշրջանի իր 224,5-րդ կէտը` Վերսթափեն գրաւեց դասաւորման պարագլուխի դիրքը, մինչ Հեմիլթըն, որ ունեցաւ 221,5 կէտ, նահանջեց երկրորդ դիրք: Երրորդ դիրքին վրայ կը...

2022-ի Մոնտիալի Զտումի Մրցաշարք.  Պրազիլ-Արժանթին Մրցումը Մնաց Անաւարտ

2022-ի Մոնտիալի Զտումի Մրցաշարք. Պրազիլ-Արժանթին Մրցումը Մնաց Անաւարտ

Հարաւային Ամերիկայի գօտիին մէջ տեղի ունեցած Պրազիլ-Արժանթին մրցումը, որ կ՛իյնայ 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի ծիրին մէջ, պաշտօնապէս դադրեցաւ եւ բնականաբար մնաց անաւարտ, մինչ անիկա կ՛ընթանար` 0-0 արդիւնքով հաւասարութեամբ մը: Մրցումին ազդանշանը տրուելէն քանի մը վայրկեան ետք, Պրազիլի գաղթականներու պատասխանատուներն ու ոստիկանութեան աշխատակիցները մարզադաշտ մուտք գործելով փորձեցին դաշտէն դուրս հանել անգլիական ակումբներու մաս կազմող արժանթինցի ֆութպոլիստներ Էմիլիանօ Մարթինեսը, Էմիլիանօ Փուենտիան, Լօ...

Միջազգային Ֆութպոլ.  Իտալիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբը Կրկնեց  Պրազիլի Համաշխարհային Պատմական Մրցանիշը

Միջազգային Ֆութպոլ. Իտալիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբը Կրկնեց Պրազիլի Համաշխարհային Պատմական Մրցանիշը

Եւրոպայի գործող ախոյեան Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբը, թէեւ Եւրոպայի գօտիին գծով իր կատարած մրցումին (2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարք) 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Զուիցերիոյ հետ, սակայն յաջողեցաւ կրկնել Պրազիլի հաստատած համաշխարհային պատմական մրցանիշը: 1993-1996 ժամանակամիջոցին Պրազիլ յաջորդաբար 36-րդ մրցումն ըլլալով պարտութիւն չէր կրած: Եթէ պատահի, որ Իտալիա յաջորդաբար 37-րդ մրցումն ըլլալով մնայ անպարտելի, պիտի հաստատէ համաշխարհային նոր մրցանիշ մը: Գ....

«Եու. Է. Էֆ. Ա. »-ի Նախագահը Դէմ Է Մոնտիալը  Երկու Տարին Անգամ Մը Կայացնելու Գաղափարին

«Եու. Է. Էֆ. Ա. »-ի Նախագահը Դէմ Է Մոնտիալը Երկու Տարին Անգամ Մը Կայացնելու Գաղափարին

Վերջին շրջանին ՖԻՖԱ-ն քանի մը առիթներով յայտարարեց, որ կը մտադրէ աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը` Մոնտիալը, երկու տարին անգամ մը կայացնել: Այս գաղափարին գծով եղան թեր, ինչպէս նաեւ դէմ կարծիքներ: Նախորդ շաբաթավերջին «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա. »-ի նախագահ Ալեքսանտր Զեֆերին յայտարարեց, որ իր նախագահած կազմակերպութիւնը երբեք համամիտ չէ այդ գաղափարին: «Մոնտիալը երկու տարին անգամ մը կատարելը չի նշանակեր, որ այդ ձեւով անիկա...

Իրենց Կազմը Զօրացնելու Համար`  Մանչեսթըր Քաղաքի Երկու Կազմերը`  Ամէնէն Շատ Գումար Ծախսած Խումբերը

Իրենց Կազմը Զօրացնելու Համար` Մանչեսթըր Քաղաքի Երկու Կազմերը` Ամէնէն Շատ Գումար Ծախսած Խումբերը

«ՍԻ. ԱՅ. Ի. ԷՍ. Ֆութպոլ Օպզըրվէյթըրի» հետազօտական կեդրոնը, Եւրոպայի հինգ առաջնակարգ ախոյեանութիւններուն (Անգլիա, Սպանիա, Գերմանիա, Իտալիա եւ Ֆրանսա) ընդհանուր հաշուարկ մը կատարելով ներկայացուց անոնց ծախսած գումարը` մարզիկներու փոխանցման համար: Զօրաւոր խումբ մը ունենալու համար, Մանչեսթըր քաղաքի երկու կազմերը` Սիթի եւ Եունայթըտ, 2021-2022 տարեշրջանի նախօրեակին յաջորդաբար ծախսած են 1,08 եւ 1,023 միլիառ եւրօ: Իսկ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենը...

Ֆրանք Ռիպերի Ունեցաւ Իր Նոր Ակումբը

Ֆրանք Ռիպերի Ունեցաւ Իր Նոր Ակումբը

Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին միջնապահ Ֆրանք Ռիպերի, ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ իտալական Սալերնիթանայի հետ, այս մասին յայտնեց «Պլիչըր Ռիփորթ» կայքը: 38 տարեկան ֆութպոլիստը «Քալչիօ»-ի նորեկին միացաւ իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ` անոր հետ ստորագրելով մէկ տարուան պայմանագրութիւն: Ան 2019-էն ի վեր մաս կը կազմէ իտալական այլ կազմի մը` Ֆիորենթինային, ուրկէ հեռացաւ այս ամրան ընթացքին: Նախապէս ան 12 երկար տարիներ...

Վերաթթի Վիրաւորուեցաւ  Եւ Վերադարձաւ Փարիզ

Վերաթթի Վիրաւորուեցաւ Եւ Վերադարձաւ Փարիզ

Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Մարքօ Վերաթթի, որ երէկ վնասուածք ստացաւ, լքելով ազգային խումբին իր խմբակիցները, վերադարձաւ Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզ, այս մասին յայտնեց իտալական «Լա Կազեթթա Տելլօ Սփոր»-ը: Նախորդ շաբաթավերջին Եւրոպայի գօտիի ծիրին մէջ Իտալիա 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Զուիցերիոյ հետ` 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ: Գ. խմբակին մաս կազմող Իտալիա իր յաջորդ...

Page 469 of 1280 1 … 468 469 470 … 1,280

Արխիւներ