Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Էտկար Բաբայեան հեռացաւ իր ակումբէն` Ռիկայէն, այս մասին յայտնեց լաթվիական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշուեցաւ, որ կողմերը փոխադարձ համաձայնութեամբ խզեցին իրարու հետ իրենց կնքած պայմանագիրը:
25 տարեկան ֆութպոլիստը իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Կիպրոսի մէջ` մաս կազմելով բարձրագոյն դասակարգի կազմերէն Փաֆոսի:
Կիպրական կազմին հետ ան իր համաձայնագիրը կնքած էր նախորդ փետրուարին:
Բաբայեան նախորդ փետրուարին իր պայմանագրութիւնը խզեց Հոպրոյի հետ, որ մաս կը կազմէ Դանիոյ Ա. դասակարգին: