Հարաւային Քորէայի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Հէունկ-Մին Սոն երէկ վնասուածք ստացաւ իր կազմին հետ կատարած մրցումին ընթացքին, այս մասին յայտնեց Հարաւային Քորէայի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշուեցաւ, որ ֆութպոլիստը աջ ոտքի մկանի վնասուածք ստացած է:
Թոթենհամին մաս կազմող Հէունկ-Մին Սոնի ապաքինման մասին ցարդ ոչինչ կը յայտարարուի: