Արագ ճատրակի «Էյմչես ԵՈՒ. ԷՍ. Ռափիտ» առցանց մրցաշարքին տիտղոսակիրը դարձաւ աշխարհի ախոյեան նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն, որ աւարտական մրցումին 2,5-1,5 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց ռուս Վլատիսլաւ Արտեմիեւի դէմ:
Պրոնզէ մետալակիր դարձաւ հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան` նկատի ունենալով, որ կիսաւարտականին Արտեմիեւէն պարտուած Ալիրեզա Ֆիրուճա (Ֆրանսա) հրաժարեցաւ մասնակցիլ երրորդ դիրքի մրցումին:
Աւարտած այս մրցաշարքը «Մելթուոթըր Չեմփիընզ Չես Թուր»-ի վերջին հանգրուանն է:
Բոլոր հանգրուաններու արդիւնքները նկատի առնելով` 8 զօրաւորագոյնները 25 սեպտեմբերին կը մասնակցին «Կրենտ Ֆայնըլ-ի մրցաշարքին:
Այդ 8 մասնակցողներուն կարգին է նաեւ Արոնեան: