Հարաւային Ամերիկայի գօտիին մէջ տեղի ունեցած Պրազիլ-Արժանթին մրցումը, որ կ՛իյնայ 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի ծիրին մէջ, պաշտօնապէս դադրեցաւ եւ բնականաբար մնաց անաւարտ, մինչ անիկա կ՛ընթանար` 0-0 արդիւնքով հաւասարութեամբ մը:
Մրցումին ազդանշանը տրուելէն քանի մը վայրկեան ետք, Պրազիլի գաղթականներու պատասխանատուներն ու ոստիկանութեան աշխատակիցները մարզադաշտ մուտք գործելով փորձեցին դաշտէն դուրս հանել անգլիական ակումբներու մաս կազմող արժանթինցի ֆութպոլիստներ Էմիլիանօ Մարթինեսը, Էմիլիանօ Փուենտիան, Լօ Չելսոն, Քրիսթիան Ռոմերոն եւ զանոնք արտաքսել երկրէն:
Անոնք պէտք է Պրազիլի մէջ 10 օր մնային մեկուսացումի մէջ, որովհետեւ Անգլիա «Քորոնա» ժահրի տարածում գտած առաջնակարգ երկիրներու շարքին է:
Սակայն անոնք ըսին, որ իրենք չէին մեկուսացած, որովհետեւ վերջին շրջանին Անգլիոյ մէջ չէին գտնուած:
Ասոր ի տես, արժանթինեան ամբողջ պատուիրակութիւնը հեռացաւ մարզադաշտէն: