2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ մաս կը կազմէ Եւրոպայի գօտիին Ժ. խմբակին, վաղը` չորեքշաբթի, 8 սեպտեմբերին, կը կատարէ իր հինգերորդ մրցումը, երբ Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Լիխթնշթայնին:
Մրցումին մեկնարկը պիտի տրուի ժամը 19:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ կեդրոնի գլխաւոր իրաւարար նշանակուեցաւ 37 տարեկան Տույէ Սթրուքան (Խրուաթիայէն):
Խրուաթիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումները սուլելէ բացի, ան նաեւ վերոնշեալ կազմակերպութեան կողմէ նկատի առնուած է եւրոպական ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքերուն ընթացքին:
Նշենք, որ Հայաստանի հաւաքականը, զտումի մրցումներուն գծով յաջորդական երեք յաղթանակ արձանագրելէ ետք, նախորդ շաբաթավերջին Գերմանիայէն կրեց մրցաշարքի իր առաջին պարտութիւնը (6-0):



