Սպանական «Մարքա» անուանի մարզաթերթը յայտնեց, որ 2021-2022 տարեշրջանի աւարտէն ետք, Ռէալ Մատրիտ մտադիր է ձերբազատիլ իր երեք ֆութպոլիստներէն` նկատի ունենալով, որ անոնք մայրաքաղաքի կազմէն պիտի հեռանան նիւթական պատճառներով:
Այդ երեք ֆութպոլիստները պիտի ըլլան յառաջապահ Կերըթ Պէյլ, յետսապահ Մարսելլօ եւ փլէյմէյքըր Իսքօ:
Միւս կողմէ, Ռէալ Մատրիտ կը մտածէ 36 տարեկան միջնապահ` Լուքա Մոտրիչի պայմանագրութիւնը երկարաձգել:
Շատ հաւանական է, որ նոր պայմանագրութիւնը երկարաձգուի մինչեւ 2023:
Իսկ Մարքօ Ասենսիոյի ճակատագիրը խումբին հետ ցարդ կը մնայ անորոշ: