Քաթալոնական Պարսելոնային մաս կազմող յետսապահ Սերճի Ռոպերթօ բաւական մօտ է իր ակումբին հետ նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրելու, այս մասին յայտնեց «Մունտօ Տեփորթիւօ»:
Աղբիւրին համաձայն, 29 տարեկան ֆութպոլիստը համաձայն գտնուած է աշխատավարձի կրճատման, տնտեսական այս դժուար ճգնաժամէն դուրս գալու համար:
Անոր գործող պայմանագրութիւնը իր աւարտին կը հասնի 2022-ի ամրան:
Նշենք, որ վերջին շրջանին, սպանական մամուլը յայտնեց նաեւ, որ Պարսելոնա պիտի երկարաձգէ ակումբին գլխաւոր մարզիչ Ռոնալտ Քէօմանի գործող պայմանագրութիւնը: