Փետրուար 2022-ին տեղի պիտի ունենան 2022-ի ձմեռնային ողիմպիական խաղերը:
Անոնց մեկնարկը պիտի տրուի 4 փետրուարին, իսկ փակումը տեղի պիտի ունենայ 20 փետրուարին:
Այս խաղերը տեղի պիտի ունենան երեք հիմնական քաղաքներու մէջ, սակայն անոնց գլխաւորը պիտի ըլլայ Պէյճինկ, որ այժմէն իսկ սկսած է լուրջ պատրաստութեան:
Նշենք, որ Չինաստանի մայրաքաղաքը միակն է աշխարհի մէջ, որ կը հիւրընկալէ թէ՛ ամառնային եւ թէ՛ ալ ձմեռնային ողիմպիական խաղերը: