Վերջին շրջանին ՖԻՖԱ-ն քանի մը առիթներով յայտարարեց, որ կը մտադրէ աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը` Մոնտիալը, երկու տարին անգամ մը կայացնել:
Այս գաղափարին գծով եղան թեր, ինչպէս նաեւ դէմ կարծիքներ:
Նախորդ շաբաթավերջին «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա. »-ի նախագահ Ալեքսանտր Զեֆերին յայտարարեց, որ իր նախագահած կազմակերպութիւնը երբեք համամիտ չէ այդ գաղափարին:
«Մոնտիալը երկու տարին անգամ մը կատարելը չի նշանակեր, որ այդ ձեւով անիկա աւելի մեծ հետաքրքրութիւն կրնայ ստեղծել:
«Անիկա իր արժէքը կրնայ կորսնցնել, եթէ երկու տարին անգամ մը տեղի ունենայ:
«Բացի ատկէ, անոր հեղինակութիւնն ալ կրնայ արժեզրկուիլ», ըսաւ Զեֆերին:
Նշենք սակայն, որ այս ուղղութեամբ ցարդ ոչինչ յստակ է եւ այս հարցին քննարկումը կրնայ ամիսներու կարօտիլ:



