Եւրոպայի գործող ախոյեան Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբը, թէեւ Եւրոպայի գօտիին գծով իր կատարած մրցումին (2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարք) 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Զուիցերիոյ հետ, սակայն յաջողեցաւ կրկնել Պրազիլի հաստատած համաշխարհային պատմական մրցանիշը:
1993-1996 ժամանակամիջոցին Պրազիլ յաջորդաբար 36-րդ մրցումն ըլլալով պարտութիւն չէր կրած:
Եթէ պատահի, որ Իտալիա յաջորդաբար 37-րդ մրցումն ըլլալով մնայ անպարտելի, պիտի հաստատէ համաշխարհային նոր մրցանիշ մը:
Գ. խմբակին մէջ Իտալիոյ յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Լիթվանիա:



