«ՍԻ. ԱՅ. Ի. ԷՍ. Ֆութպոլ Օպզըրվէյթըրի» հետազօտական կեդրոնը, Եւրոպայի հինգ առաջնակարգ ախոյեանութիւններուն (Անգլիա, Սպանիա, Գերմանիա, Իտալիա եւ Ֆրանսա) ընդհանուր հաշուարկ մը կատարելով ներկայացուց անոնց ծախսած գումարը` մարզիկներու փոխանցման համար:
Զօրաւոր խումբ մը ունենալու համար, Մանչեսթըր քաղաքի երկու կազմերը` Սիթի եւ Եունայթըտ, 2021-2022 տարեշրջանի նախօրեակին յաջորդաբար ծախսած են 1,08 եւ 1,023 միլիառ եւրօ:
Իսկ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենը (939 միլիոն եւրօ):
Առաջին 10-ին մէջ են նաեւ Ռէալ Մատրիտ, Չելսի, Լիվըրփուլ, Արսենալ, Թոթենհամ, Պարսելոնա եւ Եուվենթուս:
Գերմանիոյ ախոյեան Պայէրն Միւնիխ յայտնուեցաւ 13-րդ դիրքին վրայ: