«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ «ԵՈՒ. ԷՍ. ՕՓԸՆ»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով է, որ քառորդ աւարտականի մրցումները պիտի կատարուին առանց ամերիկացիներուն:
Միացեալ Նահանգներու վերջին ներկայացուցիչները` Շելպի Ռոպըրթց, Ռայլի Օփելքա, Ֆրենսիս Թիաֆօ եւ Ճոնսըն Պրուքսպի մրցաշարքին հրաժեշտ տուին` պարտութիւն կրելով Դ. հանգրուանի մրցումներուն:
Նշենք, որ «ԵՈՒ. ԷՍ. ՕՓԸՆ»-ի այս մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ 1891-էն ի վեր: