Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականը մեկնեցաւ Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիս` այդտեղ ուսումնամարզական հաւաք մը կատարելու նպատակով:
Հաւաքականին մաս կը կազմեն Արթուր Աւետիսեան, Գագիկ Խաչիկեան, Համլեթ Մանուկեան, Մամիկոն Խաչատրեան, Նորայր Յովհաննիսեան, Մարիեթթա Բուչախչեան եւ Մանէ Պօղոսեան:
Անոնց հետ մեկնեցան նաեւ մարզիչներ Յակոբ Սերոբեան, Հայկ Նազարեան, Աշոտ Գասպարեան եւ Քնարիկ Բրսոյեան:
Ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը նշեց, որ այս հաւաքը կ՛աւարտի 19 սեպտեմբերին: