2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Փորթուգալ, որ հիւրը եղաւ Ազրպէյճանի, անոր դաշտին վրայ արձանագրեց 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Պերնարտօ Սիլվա (26-րդ), Անտրէ Սիլվա (31-րդ) եւ Տիոկօ Ժոթա (75-րդ) նշանակեցին փորթուգալցիներուն երեք անպատասխան կոլերը:
Այսպիսով, Փորթուգալ արձանագրեց իր 4-րդ յաղթանակը հաւասարութեան մը կողքին, մինչ միայն մէկ հաւասարութիւն արձանագրած Ազրպէյճան կրեց իր 4-րդ պարտութիւնը եւ ամուր կառչած մնաց 5-րդ եւ վերջին դիրքին: