Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան նախագահական նստավայրին մէջ ընդունեց կրանտմասթըր Էլինա Դանիէլեանին:
Ինչպէս ծանօթ է, հայրենի կրանտմասթըրը վերջերս տեղի ունեցած Եւրոպայի աղջկանց ճատրակի անհատական ախոյեանութեան, իր տպաւորիչ եւ բացառիկ արդիւնքներուն շնորհիւ հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան:
Նախագահ Սարգսեան բարձր գնահատեց անոր կատարած այս իրագործումը եւ այս առիթով հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար պետական Բ. կարգի բարձր պարգեւ մը յանձնեց անոր:
Այս հանդիպումին ընթացքին անոնք երկուքը իրարու դէմ ճատրակի մրցում մըն ալ կատարեցին: Անիկա աւարտեցաւ հաւասարութեամբ:
Էլինա Դանիէլեան իր այս հանդիպումը նկատեց գերբացառիկ` յայտնելով, որ հայրենիքին պատիւը բարձր պահած մարզիկներուն համար այսպիսի հանդիպումներ կ՛ըլլան աւելի խրախուսիչ: