Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, Պարսելոնայի նախկին գլխաւոր մարզիչ Էնրիքէ Սեթիեն, որ քաթալոնական ակումբին դէմ դատ բացած է, կրնայ 14 միլիոն եւրօ հատուցում ստանալ:
«Ի-Սփոր-3» կը յայտնէ, որ ան ստիպուած եղած է դատարան դիմել, որովհետեւ Պարսելոնա զինք պաշտօնազրկած է առանց հատուցում տալու:
Քաթալոնական կազմը պատճառաբանած էր, որ ան հանդերձարանին մէջ հեղինակութեան պակաս ունի:
Նշուեցաւ, որ Պարսելոնա այսպիսի քայլի դիմած էր, որովհետեւ ուզած էր կարելի եղածին չափ շուտ հեռացնել Սեթիենը:
Ան Պարսելոնան գլխաւորեց յունուարէն օգոստոս 2020:



