«Քորոնա» ժահրին պատճառով, Թոքիոյի մարաթոնը տարիով մը յետաձգուեցաւ եւ այժմ տեղի պիտի ունենայ 2022-ին, այս մասին յայտնեցին անոր կազմակերպիչները:
Սկզբունքով անիկա տեղի պիտի ունենար նախորդ մարտին, սակայն անիկա յետաձգուեցաւ այս տարուան հոկտեմբերին, այն յոյսով, որ վերոնշեալ ժահրով վարակումները նուազում կ՛արձանագրեն: Սակայն անիկա դարձեալ յետաձգուեցաւ, այս անգամ` յառաջիկայ տարուան:
2020-ի մարաթոնին մասնակցեցան շուրջ 200 վազողներ, որոնք բոլորն ալ արհեստավարժ էին եւ անոնց մէջ չկային ոչ արհեստավարժներ: