Սլովաքիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Զիլինա, որ հիւրը եղաւ դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Սլովան Պրաթիսլաւային, արձանագրեց 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Հիւր կազմին մաս կազմող Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի անդամ Վահան Բիչախչեան յաջողեցաւ տուպլէ մը իրագործել` իր կոլերը նշանակելով 11-րդ (փենալթիով) եւ 38-րդ վայրկեաններուն:
Մրցում մը նուազ կատարած Պրաթիսլաւա, որ ցարդ անպարտելի միակ խումբն է, այժմ ապահոված է 17 կէտ:
Իսկ երրորդ դիրքին վրայ գտնուող Զիլինա ապահոված է 14 կէտ: