Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ա. Էս. Ռոմա, որ հիւրը եղաւ Վերոնային, անկէ կրեց 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Այս պարտութիւնը փորթուգալցի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյին համար եղաւ առաջինը` իր պաշտօնը ստանձնելէն ետք:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ իբրեւ պահեստի մարզիկ նկատի առնուած էր փորթուգալցիին կողմէ, դաշտ ներկայացաւ 66-րդ վայրկեանին, մինչ արդէն իսկ նշանակուած էին մրցումին հինգ կոլերը:
Այլ մրցումի մը ընթացքին, երկրին գործող ախոյեանը` Ինթեր Միլան, 6-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Պոլոնիան:
Ա. Էս. Ռոմայի նախկին մարզիկ պոսնիացի Էտին Ծեքօ 5 վայրկեանի ընթացքին տուպլէ մը իրագործեց: