Անգլիական Էվըրթընի միջնապահ Խամես Ռոտրիկեզ շատ հաւանաբար շուտով հեռանայ իր ակումբէն, այս մասին յայտնեց «Սքայ Սփորթց»-ը:
Նշուեցաւ, որ քոլոմպիացին տարակարծութիւններ ունի ակումբի գլխաւոր մարզիչ Ռաֆայէլ Պենիթեսի հետ:
Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, Ռոտրիկեզով հետաքրքրուած են Ռուսիայէն եւ Քաթարէն մէկական ակումբներ:
Քաթարը ներկայացնող ակումբը, որուն անունը ներկայիս չի նշուիր, արդէն իսկ կը բանակցի 30 տարեկան ֆութպոլիստին հետ:
Նշենք, որ Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ընթացիկ տարեշրջանին, ան ցարդ ոչ մէկ մրցումի իր մասնակցութիւնը բերած է: