Մարզական

«Պունտըսլիկա».  Պայէրն Միւնիխ 7-0 Արդիւնքով  Ջախջախեց Պոխումը

«Պունտըսլիկա». Պայէրն Միւնիխ 7-0 Արդիւնքով Ջախջախեց Պոխումը

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն մեծագոյն յաղթանակը արձանագրեց երկրին գործող ախոյեանը` Պայէրն Միւնիխ, որ 7-0 արդիւնքով ջախջախեց իր հիւրը` Պոխումը: Յաղթական կազմէն Ճոշուա Քիմիչ տուպլէ մը իրագործեց (27-րդ եւ 65րդ), մինչ Ռոպերթ Լեվանտովսքի բաւարարուեցաւ կոլով մը (61-րդ): Պայէրնի նման 13 կէտ ունեցաւ նաեւ Վոլֆսպուրկ (2-րդ), որ իր կարգին յաղթանակ արձանագրեց: Երրորդ դիրքը 12 կէտով կը գրաւէ Պորուսիա Տորթմունտ,...

Կերըթ Պէյլ 2 Ամիսով  Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Կերըթ Պէյլ 2 Ամիսով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Հակառակ անոր որ նախապէս յայտարարուեցաւ, որ Ռէալ Մատրիտի կալեսցի յառաջապահ Կերըթ Պէյլ մէկ ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, սակայն նախորդ շաբաթավերջին յայտարարուեցաւ, որ նկատի ունենալով, որ անոր ստացած վնասուածքին տարողութիւնը շատ աւելի վատ է, ան փոխան մէկ ամսուան երկու ամիս պիտի չկարենայ դաշտ ներկայանալ: Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, 32 տարեկան ֆութպոլիստին աջ ազդրին վնասուածքը պատճառ պիտի դառնայ, որ ան 8-10...

Մենտես Եւ Պարսելոնա  Բանակցութիւններու Սկսան

Մենտես Եւ Պարսելոնա Բանակցութիւններու Սկսան

Խորխէ Մենտես, որ յառաջապահ Անսու Ֆաթիի գործերը վարողն է, հասաւ Պարսելոնա, 18 տարեկան ֆութպոլիստին ապագային շուրջ բանակցութիւններ վարելու  համար: Ներկայ դրութեամբ անոր պայմանագրութիւնը ուժի մէջ է մինչեւ 30 յունիս 2022: Մենտես անուղղակիօրէն քաթալոնական ակումբին ղեկավարութեան հասկցուց, որ հակառակ անոր որ ֆութպոլիստով հետաքրքրուած ակումբները կը սկսին շատնալ, սակայն ան կը նախընտրէ մնալ Պարսելոնայի հետ, բայց քիչ մը աւելի բարձր աշխատավարձով: Պարսելոնայի...

Հայրենի Կռփամարտիկները  Մեկնեցան Մոսկուա

Հայրենի Կռփամարտիկները Մեկնեցան Մոսկուա

Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ հայրենի կռփամարտիկները երէկ մեկնեցան Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուա` իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար բանակայիններու աշխարհի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 18-25 սեպտեմբերին: Հայրենի կռփամարտիկներուն մարզիչներն են Արթուր Մելքումեան եւ Պաւլիկ Ղարսլեան: Հայաստան այս ախոյեանութեան կը մասնակցի վեց կռփամարտիկով:

Հայաստանի Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք.  Փիւնիկ Եւ Վան Եւս Ապահովեցին  Քառորդ Աւարտականի Իրենց Տոմսերը

Հայաստանի Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Փիւնիկ Եւ Վան Եւս Ապահովեցին Քառորդ Աւարտականի Իրենց Տոմսերը

Երէկ` ուրբաթ, 17 սեպտեմբերին տեղի ունեցան Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի երկու մրցումներ եւս: Քառորդ աւարտականին իրենց տոմսերը ապահովեցին նաեւ` Փիւնիկ եւ Վան: Փիւնիկ Երեւան, որ մրցեցաւ Երեւանի բանակայիններուն դէմ, իր յաղթանակը արձանագրեց մրցումին կորսուած վայրկեաններուն, 2-1 արդիւնքով: Փիւնիկէն տուպլէ մը իրագործեց Հիւկօ Ֆիրմինօ, իսկ բանակայիններուն կոլը նշանակեց Արթուր Սերոբեան: Իսկ Վան Սեւանի դէմ իր յաղթանակը արձանագրեց փենալթիներով, 3-1...

Ֆութսալ.  Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը Բարեկամական  Երկու Մրցում Պիտի Կատարէ Մոլտովայի Դէմ

Ֆութսալ. Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը Բարեկամական Երկու Մրցում Պիտի Կատարէ Մոլտովայի Դէմ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը յառաջիկայ շաբաթավերջին բարեկամական երկու մրցում պիտի կատարէ Մոլտովայի դէմ: 25 եւ 26 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք այդ երկու բարեկամական մրցումները տեղի պիտի ունենան մրցակիցի դաշտին վրայ: Վերոնշեալ մրցումներուն պատրաստուելու նպատակով, հայրենի կազմը 18-26 սեպտեմբերին յատուկ մարզական հաւաք մը պիտի կատարէ Մոլտովայի մէջ: Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Ռուբէն...

Միացեալ Նահանգներու Մէջ Հանդէս Եկող  5 Ֆութպոլիստներ` Հայաստանի 17 Տարեկանէն Վար  Աղջկանց Հաւաքականի Կազմին Մէջ

Միացեալ Նահանգներու Մէջ Հանդէս Եկող 5 Ֆութպոլիստներ` Հայաստանի 17 Տարեկանէն Վար Աղջկանց Հաւաքականի Կազմին Մէջ

19-21 սեպտեմբերին Հայաստանի 17 տարեկանէն վար ֆութպոլի աղջկանց հաւաքականը Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ պիտի կատարէ մարզական հաւաք մը` պատրաստուելու համար Եւրոպայի 17 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին: Ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Մարիամ Ստեփանեան այս հաւաքին մասնակցելու համար հրաւիրեց Միացեալ Նահանգներու մէջ հանդէս եկող 5 ֆութպոլիստներ: Հայրենի կազմը 21 սեպտեմբերին պիտի մեկնի Խրուաթիա, ուր...

Մահացաւ Ասիոյ 25 Տարեկան  Ծանրաբարձութեան Ախոյեան` Լինտեր

Մահացաւ Ասիոյ 25 Տարեկան Ծանրաբարձութեան Ախոյեան` Լինտեր

Ղազախստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ուրբաթ, 17 սեպտեմբերին մահացաւ ղազախ ծանրաբարձ Ալպերթ Լինտեր: 25 տարեկան մարզիկին մահուան պատճառները չնշուեցան: Լինտեր, որ Ղազախստանի բազմակի ախոյեան է, ոսկի մետալակիր դարձած է նաեւ Ասիոյ ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան: Ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը մեծ գովասանքով արտայայտուեցաւ անոր մասին` նշելով, որ ան միշտ ալ տիպար եւ օրինակելի մարզիկ մը եղած էր իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին:  

«Պունտըսլիկա».  Էրլինկ Հաալանտ` Օգոստոս Ամսուան  Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

«Պունտըսլիկա». Էրլինկ Հաալանտ` Օգոստոս Ամսուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Պորուսիա Տորթմունտի նորվեկիացի յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտ ճանչցուեցաւ Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») օգոստոս ամսուան լաւագոյն ֆութպոլիստը, այս մասին պաշտօնապէս յայտնեց «Պունտըսլիկա»-ի մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նախորդ ամիս 21 տարեկան ռմբաձիգը «Պունտըսլիկա»-ին գծով կատարեց 4 մրցում, նշանակեց 3 կոլ եւ կատարեց 3 էսիսթ: Տորթմունտ, որ այդ չորս մրցումներուն ընթացքին արձանագրեց  երեք յաղթանակ եւ կրեց պարտութիւն մը, այժմ իր տրամադրութեան տակ ունի 9 կէտ:  ...

Սան Փաուլօ Հրաժեշտ Տուաւ  Տանիել Ալվեսին

Սան Փաուլօ Հրաժեշտ Տուաւ Տանիել Ալվեսին

Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի յետսապահ Տանիել Ալվես հեռացաւ պրազիլական Սան Փաուլոյէն: Կողմերը երկկողմանի համաձայնութեամբ խզեցին պայմանագրութիւնը, որ նախատեսուած էր մինչեւ դեկտեմբեր 2022, այս մասին յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նշենք, որ պրազիլցին պատմութեան ամէնէն տիտղոսակիր ֆութպոլիստն է, որ տիրացած է 42 տիտղոսի: Ալվես, որ 2019-էն ի վեր մաս կը կազմէ Սան Փաուլոյին, ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին մաս կազմած է նաեւ...

Պարսելոնայի Ղեկավարութիւնը  Ռոնալտ Քէօմանը Փոխարինող Մը Կը Փնտռէ

Պարսելոնայի Ղեկավարութիւնը Ռոնալտ Քէօմանը Փոխարինող Մը Կը Փնտռէ

Սպանական մամուլին համաձայն, քաթալոնական Պարսելոնայի ղեկավարութիւնը նոր գլխաւոր մարզիչի մը փնտռտուքի աշխատանքին սկսած է` նկատի ունենալով, որ այս ամսեվերջին այժմու մարզիչ նետերլանտցի Ռոնալտ Քէօման կրնայ կորսնցնել իր պաշտօնը: Ակումբին նախագահը` Խուան Լափորթա, բաւական հիասթափուած է ակումբին կրած վերջին պարտութենէն, երբ անիկա իր դաշտին վրայ կրեց 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը` Պայէրն Միւնիխէն («Չեմփիընզ Լիկ»): Այս ամիս, Պարսելոնա Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  Այսօր Կը Սկսի Ա. Դասակարգի  Ախոյեանութեան 2-րդ Հանգրուանը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր Կը Սկսի Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան 2-րդ Հանգրուանը

Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2021-2022 տարեշրջանի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենայ Սփորթինկ Ռիատի-Ախա Ահլի Ալէյ բացման մրցումը: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 15:30-ին, տեղի պիտի ունենայ Ահտի դաշտին վրայ: Բացման հանգրուանին, Սփորթինկ 3-1 արդիւնքով պարտուեցաւ Սաժեսէն, մինչ ալէյեան կազմը 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Շապապ Սահելի հետ: Ախոյեան Անսար, որ տարեշրջանը սկսաւ 1-0 արդիւնքով պարտութեամբ...

ՖԻՖԱ.  Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային  Հաւաքականը Դիրքով Մը Նահանջեց

ՖԻՖԱ. Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը Դիրքով Մը Նահանջեց

Երէկ` հինգշաբթի, 16 սեպտեմբերին ՖԻՖԱ-ն հրապարակեց աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերու միջազգային նոր դասաւորումը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ նախորդ ամսուան դասաւորման մէջ կը գրաւէր 88-րդ դիրքը, նահանջեց 89-րդ դիրք: Սպանացի գլխաւոր մարզիչ Խոաքին Քափարոսի գլխաւորած կազմը` Հայաստան, նախորդ ամսուան դասաւորման հրապարակումէն ետք կատարեց երեք մրցում, արձանագրելով երկու հաւասարութիւն` Մակեդոնիոյ (0-0) եւ Լիխթնշթայնի (1-1) հետ եւ պարտուեցաւ Գերմանիայէն (6-0): Ընդհանուր դասաւորման...

18 Տարեկան Էրիք Ստեփանեան Լողալով Անցաւ  Սեւանայ Լիճը` Ի Յիշատակ 44 Օրուան Պատերազմին  Ընթացքին Զոհուած Հայաստանի Խումբին Խմբապետին

18 Տարեկան Էրիք Ստեփանեան Լողալով Անցաւ Սեւանայ Լիճը` Ի Յիշատակ 44 Օրուան Պատերազմին Ընթացքին Զոհուած Հայաստանի Խումբին Խմբապետին

Լողորդ, ջրագնդակի Երեւանի Հիլզ ակումբի խմբապետ Էրիք Ստեփանեան լողալով անցաւ Սեւանայ լիճը` ի յիշատակ 44 օրուան պատերազմին ընթացքին զոհուած իր ընկերոջ, Հայաստանի ջրագնդակի հաւաքականի խմբապետ Հենրիկ Յակոբեանին: 18 տարեկան Էրիք Ստեփանեան Սեւանի մէկ ափէն միւսը անցաւ 57 վայրկեանի ընթացքին` յաղթահարելով 4,4 քմ տարածութիւնը: Ան ըսաւ, որ իր ունեցած յաջողութիւնները կը պարտի Հենրիկ Յակոբեանին, որուն շնորհիւ ինք այս մարզաձեւը սիրեց:  

Աղջկանց Մոնտիալ.  Դաւիթ Աւանեսեան` Պիելոռուսիա-Կիպրոս  Մրցումին «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Պատուիրակ

Աղջկանց Մոնտիալ. Դաւիթ Աւանեսեան` Պիելոռուսիա-Կիպրոս Մրցումին «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Պատուիրակ

Այսօր` ուրբաթ, 17 սեպտեմբերին, Պիելոռուսիոյ մայրաքաղաք` Մինսքի մէջ տեղի կ՛ունենայ Պիելոռուսիա-Կիպրոս մրցումը, որ կ՛իյնայ աղջկանց Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի մրցումներուն ծիրին մէջ: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի հաւաքական խումբերու նախագահ Դաւիթ Աւանեսեան նշանակուեցաւ այս մրցումի պատուիրակ` «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա. »-ին կողմէ:  

Հայաստանի Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք.  Արարատ Արմենիա Ապահովեց  Քառորդ Աւարտականի Իր Տոմսը

Հայաստանի Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Արարատ Արմենիա Ապահովեց Քառորդ Աւարտականի Իր Տոմսը

Երէկ` հինգշաբթի, 16 սեպտեմբերին Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Արարատ Արմենիա իր դաշտէն դուրս 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով Ա. դասակարգին մէջ հանդէս եկող Լեռնային Արցախի դէմ, ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը: Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով, մինչ հիւր կազմին յաղթանակի կոլը նշանակեց Մայիլսոն Լիմա, 86-րդ վայրկեանին: Յաղթական կազմին առաջին կոլը նշանակեց Արտեոմ Աւանեսեան (18-րդ վայրկեանին):...

2023-ի Մոնտիալ.  Հայաստանի Ֆութպոլի Աղջկանց Ազգային  Հաւաքականին Բաւական Ծանր Պարտութիւնը

2023-ի Մոնտիալ. Հայաստանի Ֆութպոլի Աղջկանց Ազգային Հաւաքականին Բաւական Ծանր Պարտութիւնը

Եւրոպայի գօտիին մէջ, Զ. խմբակին մաս կազմող Հայաստանի ֆութպոլի աղջկանց ազգային հաւաքականը երէկ կատարեց 2023-ի աղջկանց Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին իր առաջին մրցումը, երբ հիւրը եղաւ Նորվեկիոյ: Գլխաւոր մարզիչ Արմէն Սանամեանի գլխաւորած կազմը զտումի իր մրցումներուն սկսաւ բաւական ծանր պարտութեամբ մը` 10-0 արդիւնքով: Նորվեկիական Ռոզենպորկի յառաջապահ Լիզա-Մարիա Ութլանտ եւ քաթալոնական Պարսելոնայի միջնապահ Քարոլին Հեսըն հեթրիքի հեղինակ դարձան: Հայաստանի կազմը յառաջիկայ 21...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Հելըր Կրկնեց Վան Պասթընի Մրցանիշը

«Չեմփիընզ Լիկ». Հելըր Կրկնեց Վան Պասթընի Մրցանիշը

Այաքս Ամսթերտամին (Նետերլանտներ) մաս կազմող ֆրանսացի յառաջապահ` Սեպասթիեն Հելըր կարեւոր իրագործում մը կատարեց, երբ Սփորթինկ Լիզպոնի դէմ տեղի ունեցած «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով իր կազմին  արձանագրած յաղթանակին (5-1) նշանակեց չորս կոլ («Փոքեր»): 27 տարեկան ֆութպոլիստը այսպիսով հանդիսացաւ պատմութեան երկրորդ ֆութպոլիստը, որ «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի իր նորամուտի մրցումին կը նշանակէ չորս կոլ: Նախապէս այս իրագործումը յաջողած էր կատարել միայն նետերլանտցի անուանի նախկին...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Մանչեսթըր Սիթիի Նորեկը Կրկնեց  Ուէյն Ռունիի Ցուցանիշը

«Չեմփիընզ Լիկ». Մանչեսթըր Սիթիի Նորեկը Կրկնեց Ուէյն Ռունիի Ցուցանիշը

Անգլիական Մանչեսթըր Սիթիի նորեկ Ճեք Կրիլիշ կոլի եւ էսիսթի հեղինակ դառնալով գերմանական Լայփցիկի դէմ («Չեմփիընզ-Լիկ») արձանագրուած յաղթանակին (6-3), կրկնեց անգլիացի անուանի յառաջապահ Ուէյն Ռունիի մրցանիշը, այս մասին յայտնեց անգլիական մարզական մամուլը: 25 տարեկան միջնապահը երկրորդ անգլիացի ֆութպոլիստն է, որ վերոնշեալ մրցաշարքի իր նորամուտի մրցումին նշանակեց կոլ մը եւ կատարեց էսիսթ մը: Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին խմբապետը` Ռունի, 2004-ին նման...

Թենիս. «Տէյվիս Քափ».  «Պատրաստ Ենք Պրազիլի Դէմ Ճակատումին  Եւ Մեծ Յոյսեր Կապած Ենք Մեր Մարզիկներուն»  Ըսաւ Օլիվըր Ֆայսալ

Թենիս. «Տէյվիս Քափ». «Պատրաստ Ենք Պրազիլի Դէմ Ճակատումին Եւ Մեծ Յոյսեր Կապած Ենք Մեր Մարզիկներուն» Ըսաւ Օլիվըր Ֆայսալ

Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնը երէկ կէսօրին «Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ.»-ի Քասլիքի կեդրոնատեղիին մէջ տուաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք Լիբանան-Պրազիլ ճակատումին, որ կ՛իյնայ թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի աշխարհի աւարտական հանգրուանի մրցաշարքի Ա. խմբակին մրցումներուն ծիրին մէջ: Անոր ներկայ գտնուեցան Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին անդամները, հիւր կազմին մարզիչն ու խմբապետը, ինչպէս նաեւ մարզական լրագրողներ: Այս առիթով Լիբանանի թենիսի...

Page 465 of 1280 1 … 464 465 466 … 1,280

Արխիւներ