Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն Տինամօ Մոսկուա, որ հիւրը եղաւ Սոչիին, արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Տինամոյի այս յաղթանակը կերտեց Ռուսիոյ ֆութպոլի հաւաքականի միջնապահ Արսէն Զախարեան, որ 12-րդ վայրկեանին նշանակեց մրցումին միակ կոլը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, գերմանացի մարզիչ Սանտրօ Շվարցի գլխաւորած կազմը` Տինամօ, այժմ 16 կէտով կը գրաւէ դասաւորման երկրորդ դիրքը` կէտով մը ետ մնալով պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկէն:
Իսկ Սոչի 15 կէտով կը գտնուի երրորդ դիրքին վրայ:



