Հայաստանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Լեռնային Արցախի մամլոյ քարտուղարութիւնը նախորդ շաբաթավերջին հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը` անդրադառնալով Գորիս-Կապան ճամբուն վրայ Որոտանի շրջանին մէջ տեղի ունեցած միջադէպին:
Նշուեցաւ, որ ազրպէյճանցի զինծառայողները կանգնեցուցած են Լեռնային Արցախի պատանեկան խումբին փոխադրակառքը եւ սպառնացած պատանի ֆութպոլիստներուն:
«Ազրպէյճանցիները կանգնեցուցին մեր փոխադրակառքը եւ կատարեցին անկարեւոր մանրակրկիտ ստուգումներ:
«Իսկ փոխադրակառքին փակցուած Արցախի դրօշակը եւ խորհրդանիշները քերթեցին իրենց մօտ գտնուող դանակներով:
«Ճիշդ է, որ անոնք ֆիզիքական որեւէ վնաս չպատճառեցին երեխաներուն, բայց փորձեցին հոգեբանական ճնշում գործադրել անոնց վրայ»:
«Իսկ ազրպէյճանցի զինուոր մը դառնալով երեխաներուն ըսաւ. «Ղարաբաղը` Ազրպէյճան է: Յստա՞կ է», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ: