Երէկ եւ նախանցեալ օր, երկու օրուան տեւողութեամբ, «Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ.»-ի (Քասլիք) թենիսի դաշտերուն վրայ տեղի ունեցան Լիբանան-Պրազիլ ճակատումները, որոնք տեղի կ՛ունենան թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի միջազգային Ա. դասակարգի աւարտական հանգրուանի ծիրին մէջ:
Պրազիլ շաբաթ օր արձանագրեց 2 յաղթանակ: Անիկա երէկ եւս երկու յաղթանակ արձանագրելով Լիբանանի դէմ իր ճակատումը արձանագրեց 4-0 արդիւնքով:
Երկու օրերուն ալ լիբանանցի մարզիկներուն կատարած մրցումներուն ընթացքին ներկայ եղան մեծ թիւով հանդիսատեսներ, որոնց կարգին` Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի նախագահ Օլիվըր Ֆայսալ, ֆետերասիոնի այլ անդամներ, ինչպէս նաեւ այլ հիւրեր: