«ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» յայտնեց, որ Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր Լիկ»-ի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով օտար իրաւարար մը նկատի կ՛առնուի Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ:
25 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք Ուաթֆորտ-Նիւքասըլ մրցումին, որ կ՛իյնայ 6-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, օրուան գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ աւստրալիացի Ճերըտ Ճիլեթ:
Նշուեցաւ, որ 34 տարեկան իրաւարարը այս տարեշրջանին եղած է «ՎԱՐ» համակարգի իրաւարար` «Փրեմիեր Լիկ»-ի շարք մը մրցումներուն ընթացքին:
 
			


