Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մէջ հանդէս եկող խումբերէն Ալաշկերտ-Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը, երէկ` երկուշաբթի 20 սեպտեմբերին յայտարարեց, որ ակումբի գլխաւոր մարզիչ Ալեքսանտր Գրիգորեան, ներկայացնելէ ետք իր հրաժարականը, հեռացաւ կազմէն:
Ան իր հրաժարականը ներկայացուց Նորավանքի հետ իր կազմին արձանագրած 0-0 արդիւնքով հաւասարութենէն ետք (7-րդ հանգրուան), նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Նշենք, որ Ալաշկերտ, որ այժմ ապահոված է միայն երկու կէտ, այժմ կը գրաւէ դասաւորման 9-րդ դիրքը:



