Միացեալ Նահանգներու Պէյքըրսֆիլտ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած կռփամարտի յատուկ երեկոյի մը ընթացքին, հայ կռփամարտիկ Գուրգէն Յովհաննիսեան արհեստավարժ ռինկի վրայ իր նորամուտը նշեց յաղթանակով մը:
Ան առաջին իսկ ռաունտին, նաքաութի ենթարկեց ամերիկացի իր մրցակիցը` Ճէյվըն Տաֆնին:
Նշենք, որ վերջերս Յովհաննիսեան պայմանագրութիւն մը կնքեց կռփամարտի մրցումներ կազմակերպող «ՓԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ընկերութեան հետ:



