«Պունտըսլիկա». Պայէրն Միւնիխ Եւ Պորուսիա Տորթմունտ` Յաղթական
Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Պայէրն Միւնիխ, որ հիւրը եղաւ Պայեր Լեւերքուզընին, արձանագրեց 5-1 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը: Թոմաս Միւլըր նշանակեց կոլ մը (34-րդ), մինչ Ռոպերթ Լեւանտովսքի եւ Սերժ Կնապրի տուպլէներ իրագործեցին, առաջինը` 3-րդ եւ 30-րդ վայրկեաններուն, իսկ երկրորդը` 35-րդ եւ 37-րդ վայրկեաններուն: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Պայէրն այժմ ունի 19 կէտ: Անկէ կէտով...




















