Երէկ, Յունաստանի Թեսաղոնիկէ քաղաքին մէջ սկսաւ պատանիներու եւ երիտասարդներու սամպոյի աշխարհի ախոյեանութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստան:
Այս ախոյեանութիւնը կ՛աւարտի վաղը` կիրակի, 17 հոկտեմբերին:
Հայաստանի սամպոյի ֆետերասիոնէն կը տեղեկանանք, որ այս ախոյեանութեան Հայաստան ունի 11 մասնակից: