Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն նախանցեալ օր իր մասնակցութիւնը բերաւ վեթերաններու ֆութպոլի բարեսիրական մրցումի մը, որուն ընթացքին ան նոյնիսկ դարձաւ կոլի հեղինակ` իր կոլը նշանակելով փենալթիով:
Փարիզի մօտ գտնուող Փուասի քաղաքին մէջ տեղի ունեցած մրցումը նուիրուած էր Վարիեթէ ֆութպոլի ակումբին 50-ամեակին:
Մաքրոնի խումբին մաս կազմեցին Արսէն Վենկեր, Քրիսթիան Քարամպէօ, Մարսել Տըսայի եւ այլ ֆութպոլիստներ:
Իսկ մրցակից կազմը եղաւ Փուասիի հիւանդանոցին բժիշկներու խումբը:
Հանգանակուած գումարը պիտի յանձնուի Փարիզի հիւանդանոցներու հիմնադրամին, որուն նախագահն է Ֆրանսայի առաջին տիկին Պրիժիթ Մաքրոն:
Կազմակերպութիւնը աջակցութիւն կը ցուցաբերէ մանկական հիւանդանոցներուն:
Նշենք, որ Մաքրոն իր ուսանողական տարիներուն մաս կազմած է «Էքոլ Նասիոնալ Տ՛ատմինիսթրասիոն» դպրոցի ֆութպոլի խումբին: