Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Ֆրանսա-Հայաստան ֆութպոլի մրցումը տեղի պիտի ունենայ Կրենոպլի մէջ:
Այս մրցումը կ՛իյնայ Եւրոպայի 21 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան Ը. խմբակի 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ:
Անիկա տեղի պիտի ունենայ 11 նոյեմբերին, Կրենոպլ քաղաքի «Սթատ Տը Ալփս» մարզադաշտին վրայ, որ կրնայ հիւրընկալել շուրջ 21 հազար հանդիսատես:
Նշենք, որ Ֆրանսա խմբակին յառաջատարն է (10 կէտով), մինչ հայրենի կազմը կը գտնուի 6-րդ եւ վերջին դիրքին վրայ (3 կէտով):