Քենիական մարզական մամուլը յայտնեց, որ վազորդուհի Ակնես Ժեպեթ Թիրոփ մահացած գտնուած է Քենիոյ Իթեն քաղաքին մէջ գտնուող իր բնակարանին մէջ:
Նախնական տուեալներով, 25 տարեկան Թիրոփ դանակահարուած է իր ամուսնոյն կողմէ:
Թիրոփ 10 հազար մեթր ճամբու վազքի աշխարհի ախոյեան հանդիսացած էր նախորդ ամիս:
Ան նաեւ 10 հազար մեթր վազքի աշխարհի ախոյեանութեան կրկնակի պրոնզէ մետալակիր է (2017 եւ 2019):
Նշենք, որ Թոքիոյի ողիմպիական խաղերուն ան չորրորդ դիրքը գրաւեց հինգ հազար մեթրի վազքի մրցումին: