Հայաստանի մարմնամարզութեան տղոց հաւաքականը երէկ մեկնեցաւ Ճափոն` իր մասնակցութիւնը բերելու համար աշխարհի մարմնամարզութեան տղոց ախոյեանութեան:
Հայկական լրատու աղբիւրներ երէկ յայտնեցին, որ Հայաստանի տղոց հաւաքականը 2021-ի աշխարհի ախոյեանութեան կը մասնակցի հետեւեալ կազմով.
Վահագն Դաւթեան, Յարութիւն Ներդինեան եւ Գագիկ Խաչատրեան:
Իսկ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Հայկ Նազարեան:
Այս ախոյեանութիւնը, որ պիտի սկսի 18 հոկտեմբերին եւ իր աւարտին պիտի հասնի 24 հոկտեմբերին, որոշուեցաւ կայացնել հանդիսատեսներու ներկայութեան: