Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող հայազգի թենիսմեն` Կարէն Խաչանով, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Միացեալ Նահանգներու Ինտիըն Ուէյլզ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Մասթըրզ» միջազգային մրցաշարքին, յաջողեցաւ ապահովել Դ. հանգրուանի իր տոմսը:
Գ. հանգրուանի մրցումներուն ան յաղթանակ արձանագրեց սպանացի Փապլօ Քարենիօ-Պուսթայի դէմ` 6-0 եւ 6-4 արդիւնքով:
Անոնց միջեւ այս մրցումը տեւեց 1 ժամ 3 վայրկեան:
Նշենք, որ մրցաշարքին մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 8,3 միլիոն ամերիկեան տոլար: