Նախանցեալ օր, Երեւանի Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ սկսաւ «Երեւան Օփըն» ճատրակի միջազգային երրորդ մրցաշարքը` մասնակցութեամբ 14 երկիրներէ 311 ճատրակ խաղացողներու:
Անոնց կարգին են միջազգային կոչում ունեցող 82 խաղացողներ, որոնցմէ 22-ը` միջազգային կրանտմասթըրներ, իսկ 25-ը` միջազգային վարպետներ:
Մրցաշարքի գլխաւոր իրաւարարն է Աշոտ Վարդապետեան, իսկ անոր մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 11 միլիոն դրամ:
Երեւանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Մխիթար Հայրապետեան յայտնեց, որ այս մրցաշարքը կը նկատուի աննախադէպ` մասնակցողներու թիւին իմաստով: