Երէկ` ուրբաթ, 15 հոկտեմբերին, Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հրապարակեց կռփամարտի 2021-ի աշխարհի ախոյեանութեան մասնակցող Հայաստանի հաւաքականին կազմը:
Այս ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 24 հոկտեմբերէն 6 նոյեմբերին, Սերպիոյ մէջ:
Աշխարհի այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 105 երկիրներէ 650 կռփամարտիկներ:
Առաջին անգամ ըլլալով սահմանուեցաւ 2,6 միլիոն ամերիկեան տոլարի մրցանակային հիմնադրամ:
Նշուեցաւ, որ տեղի պիտի ունենան 13 դասակարգի մրցումներ:
Հայաստան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 11 դասակարգի մրցումներու:
Ստորեւ` Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Կարէն Աղամալեանի կողմէ նկատի առնուած մարզիկները, որոնք պիտի մասնակցին այս ախոյեանութեան.
Սէյրան Եղիկեան (48 քկ), Արթուր Յովհաննիսեան (51 քկ), Վահէ Բադալեան (54 քկ), Արթուր Բազէեան (57 քկ), Կարէն Տօնականեան (60 քկ), Յովհաննէս Բաչքով (63,5 քկ), Գուրգէն Մադոյեան (67 քկ), Արման Դարչինեան (71 քկ), Համբարձում Յակոբեան (80 քկ), Նարեկ Մանասեան (92 քկ) եւ Դաւիթ Չալոյեան (գերծանր կշիռ):



