Յունահռոմէական ոճի ըմբիշ, ողիմպիական խաղերու արծաթէ մետալակիր Արսէն Ջուլֆալակեան վերընտրուեցաւ Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնի մարզիկներու կոմիտէի անդամ, յառաջիկայ չորս տարիներուն համար:
Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 663 մարզիկներ, որոնցմէ 397-ը քուէարկեցին ի նպաստ Ջուլֆալակեանի եւ անոր հետ ընտրուած 6 ներկայացուցիչներու:
Նշենք, որ Արսէն Ջուլֆալակեան Լոնտոնի ողիմպիական խաղերու արծաթէ մետալակիր է, աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան, ինչպէս նաեւ` ըմբշամարտի աշխարհի բաժակակիր: