Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Պայէրն Միւնիխ, որ հիւրը եղաւ Պայեր Լեւերքուզընին, արձանագրեց 5-1 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը:
Թոմաս Միւլըր նշանակեց կոլ մը (34-րդ), մինչ Ռոպերթ Լեւանտովսքի եւ Սերժ Կնապրի տուպլէներ իրագործեցին, առաջինը` 3-րդ եւ 30-րդ վայրկեաններուն, իսկ երկրորդը` 35-րդ եւ 37-րդ վայրկեաններուն:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Պայէրն այժմ ունի 19 կէտ:
Անկէ կէտով մը ետ կը մնայ Պորուսիա Տորթմունտ (18 կէտ), որ յաղթելէ ետք Մայնց-05-ին (3-1), բարձրացաւ երկրորդ դիրք` գրաւելով Լեւերքուզընի դիրքը (16 կէտ):
Մարքօ Ռէօս նշանակեց առաջին կոլը (3-րդ), մինչ Էրլինկ Հաալանտ տուպլէ մը իրագործեց (54-րդ` փենալթիով եւ 90+4-րդ):
Նշենք, որ վերջին դիրքին վրայ գտնուող եւ «Պունտըսլիկա»-ի նորեկ Կրէօթըր Ֆուերթ, որ պարտուեցաւ Պոխումէն (1-0), ցարդ կը մնայ առանց յաղթանակի:



