Հարաւային Ամերիկայի գօտիին մէջ տեղի ունեցող 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան 12-րդ հանգրուանի մրցումները:
Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պրազիլ, որ հիւրընկալեց Ուրուկուէյը, արձանագրեց 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Նէյմար (10-րդ), Ռաֆինիա (18-րդ եւ 58-րդ) եւ Կապրիել (83-րդ) նշանակեցին յաղթական կազմին կոլերը: Իսկ Ուրուկուէյի կոլը նշանակեց Լուիս Սուարեզ (77-րդ):
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Պրազիլ ունեցաւ 31 կէտ եւ վեց կէտի իր առաւելութիւնը պահեց երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Արժանթինի վրայ, որ իր կարգին յաղթանակ արձանագրեց` 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Փերուն:
Լաութարօ Մարթինեզ նշանակեց Արժանթինի միակ կոլը (43-րդ):
Նշենք, որ անոնք երկուքն ալ ցարդ անպարտելի են:



