Հայկական արմատներով ռուս թենիսմեն Կարէն Խաչանով դուրս մնաց Ինտիըն Ուէյլզի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքէն:
1-16-րդ հանգրուանին գծով իր կատարած մրցումին, Խաչանով, որ մրցեցաւ վրացի Նիքոլոզ Պասիլաշվիլիի դէմ, 6-4 եւ 7-6 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց, շուրջ երկու ժամ տեւած իր պայքարին ընթացքին:
Պասիլաշվիլիի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Յունաստանի ներկայացուցիչ Սթեֆանոս Ցիցիփաս:
Նշենք, որ այս մրցաշարքը կը նկատուի Մասթըրզ-1000 կարգի մրցանիշ մը:
Անիկա 2020-ին տեղի չունեցաւ «Քորոնա» ժահրի համավարակին պատճառով: